2016-08-09 09:24:00

''Հիւանդութիւնը մարդուն` պատի՞ժ է թէ՝ վիշտ'' խորհրդածութիւն։


Հոգեբանապէս սխալ է՝ հիւանդութիւնը իբրեւ Աստուծոյ պատիժը նկատել: Հին Կտակարանին մէջ յաճախ այն բացատրութեան կը հանդիպինք որուն համաձայն հիւանդութիւնը կը ներկայացուի իբր Աստուծոյ պատիժը, որովհետեւ նկատի չունենալով երկրորդական պատճառները, աստուածաբանական իմաստ մը կը փորձեն տալ պատմութեան՝ ուղղակի առընչելով Աստուծոյ հետ:

Աստուած կրնայ թոյլ տալ ցաւը որպէս «դաստիարակչական պատիժ», որ հետեւանքն է մեր սխալ կենցաղին: Սակայն միշտ յաւակնոտութիւն է, ուզել ճշտել Աստուծոյ դրդապատճառները. « Մեղքը ո՛չ իրն է, ո՛չ ալ հօրն ու մօրը: Կոյր ծնած է, որպէսզի Աստուծոյ զօրութիւնը յայտնի ըլլայ իրմով» (Յովհ. 9, 3):

«Ոմանք եկան Յիսուսի եւ պատմեցին այն Գալիլեացիներու մասին, որոնք Պիղատոսի կողմէ սպաննուեցան, երբ Աստուծոյ զոհ կը մատուցանէին: Յիսուս ըսաւ անոնց.- Կը կարծէ՞ք թէ սպաննուող Գալիլեացիները միւս բոլոր Գալիլեացիներէն աւելի մեղաւոր էին, որ այդպիսի վախճան մը ունեցան: Ո՛չ: Կ՛ըսեմ ձեզի, որ եթէ չապաշխարէք՝ դուք բոլորդ ալ նոյնպէս պիտի կորսուիք» (Ղկ. 13, 1-3):

Քրիստոս մեզի համար եղաւ «անէծքի-պատիժ». «Քրիստոս օրէնքի այդ անէծքէն մեզ ազատեց, ինք մեր տեղը անէծքի առարկայ դառնալով. որովհետեւ օրէնքի գիրքին մէջ գրուած է. «Անիծեալ ըլլայ ան՝ որ փայտէ կը կախուի» (Գաղ. 3, 13-14), տառապանքը ստացաւ նոր նշանակութիւն մը. Փրկագործութիւն մը մեզի եւ ուրիշներուն համար: Աստուածաբաններ կը հաստատեն թէ ֆիզիքական եւ բարոյական մեծագոյն վիշտերը խորհուրդ կը մնան: Շնո՞րհք են թէ պատի՞ժ չենք գիտեր. հետեւաբար յաճախ աւելի խոհեմ է դատաստան չընել: Յիսուսի գալուստով տառապանքին իմաստը փոխուեցաւ. տառապանք մը որ պատիժի իմաստը պիտի ունենար, դարձաւ փրկագործական նուիրաբերում մը. ոչ մէկ բացառութիւն կրնայ ընդունուիլ, եւ ուստի չկայ ոչ մէկ երկրաւոր դժբախտութիւն որ Աստուծմէ ղրկուած ըլլայ իբրեւ մեղքի պատիժ:

Ասիկա չի նշանակեր ջնջել տառապանքէն իր քաւութեան, մաքրագործումի իմաստը, այլ խուսափիլ հոգեկան ընկճուածութեան այն վիճակէն որ կրնայ յառաջացնել այն զգացումը թէ Աստուծմէ պատժուած ենք:

Սիտայով (AIDS) վարակուած հիւանդ մը, որ զոհն է կրկուող սխալ արարքներու, պէտք է տառապանքին դրական կողմը նկատէ, իբրեւ փրկագործութեան պարգեւ մը նաեւ ուրիշներուն համար, որովհետեւ միացած է տառապեալ Քրիստոսի փրկագործական արժէքին:

Աստուած հիւանդութիւններուն եւ տառապանքներուն պատճառը չէ, բայց կրնայ թոյլատրել զանոնք ի տես փրկագործական դրական ծրագրի մը: Տառապող անձը պէտք է փորձէ մաս կազմել այդ ծրագրին, դրական իմաստ մը տալու համար տառապանքի ժխտականութեան, զայն զգայ իբր գերազանցելի ծանր կացութիւն մը, փրկագործական երկունք մը, վկայակոչելով Յիսուսի տուած ծննդաբերութեան օրինակը. «Երբ կինը կը ծննդաբերէ՝ տրտմութեան «տառապանքի» մէջ կ՛ըլլայ, որովհետեւ իր ժամը հասած է. բայց երբ կը ծնի մանուկը՝ այլեւս չի յիշեր նեղութիւնը իր ուրախութեան պատճառով, որ մարդ մը աշխարհ եկաւ» (Յովհ. 16, 21):

Քրիստոնեային համար հարկաւոր է որ կրաւորականութեամբ եւ յուսահատութեամբ չփակուի տառապանքին մէջ, չսահմանափակուի լոկ գիտարուեստի կամ բժշկութեան լուծումներուն, այլ արժէքաւորէ ներկայ կացութիւնը հաւատքով:  

 








All the contents on this site are copyrighted ©.